2015-03-06 12:12:00

Վենեզուելլայի մէջ ս. Պատարագ` Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին։


(Ռատիօ Վատիկան)  Յառաջիկայ կիրակի` 8 մարտ 2015-ին, Քարաքասի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Եորկէ Լիպերաթօ Ուրոզա Սապինոն, ընդառաջելով Լատին Ամերիկայի Կաթողիկէ հայոց առաջնորդ` Արհիապատիւ Վարդան եպիսկոպոս Պօղոսեանի  հրաւէրին, Քարաքասի կեդրոնը գտնուող ''Տոն Պոսքոյի'' սրբավայրին մէջ, կանխելով Ֆրանչիսկոս Պապին` 12 ապրիլ 2015-ին, Հայոց նահատակներուն նուիրուած, Վատիկանի մէջ մատուցանելիք Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը,  Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցէ Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներու յիշատակին։

Սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Լատին Ամերիկայի Կաթողիկէ հայոց` գերապայծառ Վարդան եպիսկոպոս Պօղոսեանը եւ Վենեզուելլայի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ` Արհ Կոմիտաս Սրբազան Օհանեան։ Օրուան յաւուր պատշաճի խօսքը պիտի արտասանէ Արհ. Վարդան Եպիսկոպոս Պօղոսեանը։ Արարողութեան կը մասնակցին նաեւ բազմաթիւ հայ եւ օտար հաւատացեալներ ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ քաղաքացիական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ։

Այս առթիւ` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ օրով, Հայ ազգի քրիստոնէութեան 1700 ամեակի առթիւ, 2001-ին երանելի հռչակուած եւ 1915 ցեղասպանութեան նահատակ` հայ կաթողիկէ եպիսկոպոս` Երանելի Իքնատիոս Մալոյանի Սրբանկարը պիտի տեղադրուի խորանին մօտ արժանանալով  հաւատացեալներու ջերմեռանդութեան։

Յայտնենք թէ  Լատին Ամերիկայի Կաթողիկէ հայոց առաջնորդ` Արհիապատիւ Վարդան եպիսկոպոս Պօղոսեանը ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առթիւ հրաւէրներ ուղղած է Լատին Ամերիկայի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վեց երկիրներու առաջնորդներուն նմանատիպ ձեռնարկներ կազմակերպելու իրենց թեմերուն եւ ժողովրդապետութիւններուն ներքոյ որպէս աղօթքի միութեան հայ ազգի բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին եւ մասնակցութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին` յառաջիկայ 12 ապրիլ 2015-ին մատուցանելիք Սուրբ Պատարագին։ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առթիւ կազմակերպուած սրբազան արարողութիւններու շարքին նախատեցուած են նաեւ երկու եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու հաւաքի ընթացքին հայածէս սուրբ պատարագ­­ներ` առաջինը 22 ապրիլ 2015-ին, Պրազիլի մէջ, մասնակցութեամբ 450 կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն եւ երկրորդը 24 ապրիլ 2015-ին Արժանթինի մէջ որուն կը մասնակցին 80 եպիսկոպոսներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.